Ալ Ֆարապի կամ ԱլՖարապի կամ ամբողջաական անունով՝ Ապու Նասր Ալ-Ֆարապի, Արեւմուտքին մէջ կը ճանչցուի Ալֆարապիոս (լատիներէն՝ Alpharabius) անունով (872 - 951)։ Անուանի իսլամական իմաստասէր (փիլիսոփայ), իրաւագէտ, նուագագէտ, հոգեզգած (Սուֆի): Ան զբաղած է տարբեր ոլորտներով՝ քաղաքական փիլիսոփայութիւն, Բնազանցութիւն, բարոյագիտութիւն, տրամաբանութիւն եւ այլք։
Ան նաեւ ուսողագիր էր, տիեզերաբան, գիտնական եւ երաժշտութեան տեսաբան։
Անոր տրուած է «Երկրորդ Վարդապետ» անունը, հետեւելով Արիստոտելի օրինակին, որ ծանօթ էր «Առաջին Վարդապետ (ուսուցիչ)» անունով։ Անոր կը վերագրուի միջնադարիին Յունական բնաբաններու պահպանումը, իր կատարած մեկնութիւններուն եւ ճառախօսութեանց շնորհիւ։ Անոր նաեւ կը վերագրուի իրեն յաջորդած մեծանուն փիլիսոփաներուն,- ինչպիսիքն են Իպն-Սինան, Ղազզալին ու Մեյմօնիտը,- եթէ ոչ ներշնջումը ապա անոր վրայ ձգած խոշոր ազդեցութիւնը։
Islam - A Graphic Guide, Ziauddin Sardar & Abbas Malik, Icon Books Ltd, 2009, North Road, London.