Փէր Լաշէզ Գերեզմանատուն (ֆրանսերէն՝ Cimetière du Père-Lachaise պաշտօնական անունը՝ cimetière de l'Est, «Արեւելքի գերեզմանատուն»)
Փէր Լաշէզ Գերեզմանատունը Փարիզ քաղաքի ամենամեծ գերեզմանատունն է, թէեւ արուարձաններուն մէջ աւելի մեծերը կան։
Փէր Լաշէզը աշխարհի ամէնաճանչուած գերեզմանատուներէն է, ուր ամէն տարի հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ'այցելեն զանազան ֆրանսացի եւ այլ մեծերու շիրիմները տեսնելու։
Գերեզմանատունն իր անունն ստացած է Լուի XIV-ի խոստովանահօր՝ Փիեր Ֆրանսուա տը լա Շէզէն (ֆրանսերէն՝ Père François de la Chaise 1624-1709):
Երբ Փարիզի գերեզմանատունը լցուեցաւ, արուարձաններուն մէջ քանի մը նոր, մեծ գերեզմանատուներ բացուեցան Մոնմարթրի Գերեզմանատունը՝ հիւսիսին, Փէր Լաշէզը՝ արեւելքին եւ Մոնփարնասի Գերեզմանատունը՝ հարաւին:
Փէր Լաշէզ գերեզմանատունը բացուեցաւ 21 Մայիս 1804 թուականին: Առաջին անձը հոն յուղարկաւորեցաւ, գզիրի հինգ տարեկան աղջիկը եղած էր, անունը՝ Adélaïde Paillard de Villeneuve: Անոր շիրիմը չէ պահպանուած, քանի որ տարածքը ժամանակաւոր տրամադրուած էր։ Գերեզմանատունի բացումէն երեք օր առաջ Սենատին կողմէն կայսր հռչակուած Նափոլէոն յայտարարեցաւ, որ «Ամեն քաղաքացի իրաւունք ունի թաղուիլ, անկախ անոր ռասայէն եւ կրօնքէն»:
Գերեզմանատունին մէջ կը գտնուի նաեւ «Քոմունարներու պատը» (Mur des Fédérés): Ասիկա տեղ մըն է, ուր «Արիւնոտ շաբաթին» (Semaine Sanglante) վերջին օրը՝ 1871 թուականի 28 Մայիսին գնդակահարուեցան 147 քոմունարները:
|
Փէր Լաշէզին մէջ թաղուած էր Անդրանիկ Օզանեանը, որ մահացաւ 1927 թուականին Օգոստոս 30/31-ին, Միացեալ նահանգներ եւ Սեպտեմբերին յուղարկաւորեցաւ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատունը։ 1928 թուականին Յունուարին անոր աճիւնը տեղափոխուեցաւ Փարիզ եւ վերաթաղուեցաւ Փէր Լաշէզ գերեզմանոցին մէջ, իսկ տարիներ անց (2000) այն տեղափոխուեցաւ Հայրենիք՝ Երեւանի Եռաբլուր պանթիոն։
Փէր Լաշէզը ներկայիս նոյնպէս բաց գերեզմանատուն մըն է եւ հոն կը կատարուեն յուղարկաւորումներ: Սակայն, Փարիզի գերեզմանատուներուն մէջ թաղումին համար կանոնները բաւականին խիստ են՝ սա գերեզմանատուներէն որեւէ մեկուն մէջ թաղուելուն համար հարկաւոր է, որ ան մահացած ըլլայ Ֆրանսային մայրաքաղաքին մէջ, կամ հոն բնակած ըլլայ: Մեր օրերուն Փէր Լաշէզին մէջ յուղարկաւորելը աւելի դժուար է, քանի որ կայ սպասելու ցանկ: Փէր Լաշէզին մէջ գերեզմանատեղերը կը դասակարգուեն պարզ, առանց զարդարումների տապանաքարերէն մինչեւ աշտարակային յուշարձաններ եւ նոյնիսկ յայտնի մարդոց կամ անձերուն նուիրուած պզտիկ բարեկարգ մատուռներ:
Գերեզմանատունին մէջ հնարաւոր դարձած է սեղմել եւ տեղաւորել աւելի շատ մարմիններ արդեն լցուած տարածութեան մէջ։ Ատոր համար երբեմն կը միացնեն մեկ ընտանիքի որոշ անդամներու աճիւնները միեւնույն գերեզմանին մէջ։
Համեմատաբար վերջերս, Փէր Լաշէզն ընդունեցաւ կարգադասուած գործողութիւն մը, ըստ որու յուղարկավորութեան հողակտորը 30 տարիով վարձով կը տրուի, այպէս որ, եթէ վարձակալութեան պայմանագիրը ընտանիքին կողմէ չ'երկարացուի, աճիւնները կրնան հանել, տարածքը դարձնել նոր գերեզման օգտագործելու համար հնարաւոր: Լքուած աճիւնները կը խտացնեն, կը տեղաւորեն արկղերու մէջ եւ տեղափոխեն Փէր Լաշէզի Aux Morts ոսկրանոց:
Տեղամասերը կրնան վաճառիլ յաւիտեան կամ 50, 30 կամ 10 տարիներու:
Թէեւ որոշ աղբիւրներ ճիշդ չեն գնահատած Փէր Լաշէզին գերեզմաններու 300 000 քանակը նշելով, Փարիզ քաղաքին պաշտօնական կայքին տուեալներով մինչ այժմ հոն թաղած է մեկ միլիոն մարդ: Aux Morts ոսկրանոցին մէջ պահուողներուն հետ միասին մարդկային աճիւններու քանակը կը հասնէ 2-3 միլիոնի:
|